Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց 6 стр.


Նոյն ոգին` ուրիշ ձեւով կը վարէր Պարսից պետութիւնը. յաղթող արքայից արքան` արեւուն եւ կրակին կ'ուտար յաղթութեան փառքը. Հպատակ այլակրօն ժողովուրդք խիստ հալածանաց կ'ենթարկուէին ժամանակ-ժամանակ. եւ ի բաց առեալ քանի մը մեծ մարդիկ, վատթար եւ բռնաւոր կառավարութիւն մը կը տիրէր ամէնուրեք, արդարութեան գաղափարը սահմանափակ էր նաեւ այդ Մեծ Խոսրովի մտքին մէջ, որ Նուշիրվան կ'անուանուէր եւ որ Սասանեանց փառքն եղած էր իւր քաջութեամբք եւ յաղթութեամբք, երկարամեայ թագաւորութեամբ, եւ ինքզինք արդար կը սիրէր անուանել եւ որ մահուան անկողնին մէջ իր ժառանգին բարի խրատներ կ'ուտար. «Արդարադատ եղիր, սանձահարէ անիրաւները, մխիթարէ թշուառները, սիրէ երիտասարդները, պաշտպանէ գիտութիւնը, հետեւէ ծերոց խորհուրդներուն, մի՛ թողուր կառավարութիւնը երիտասարղաց եւ քու ժողովրդոցդ երջանկութիւնը քու նպատակդ լինի: Ընդարձակ թագաւորութիւն մը կը թողում քեզ, եթէ իմ խրատներս լսես` կը պահես զայն, եթէ արհամարհես` կը կորսնցնես»: Այս խօսքերը զրուցելեն վերջ, եօթանասուն տարի նաեւ չի քշեց, իւր յաջորդներէն եւ ոչ մէկը իր բնական մահուամբ չի մեռաւ, եւ այդ թագաւորութիւնր, որ Միջերկրականէ մինչեւ Հնդկաստան, Չինաց սահմաններէն մինչեւ Արաբիայ ամէնքը կը սարսեցնէր քանի մը տարի առաջ, յանկարծ անհետացաւ կատաղի աղանդաւորաց հրոսակներու առջեւ, որոնք ոչ անուն եւ ոչ կրօնք ունէին նոյնպէս քանի մը տարի առաջ:

Այսչափ երկայն չէինք խոսէր այս երկու մեծ ինքնակալութեանց վրայ, եթէ Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակեն սկսեալ Հայաստան սոցայ երկուքին հպատակ, հարկատու եւ պատերազմի դաշտ եղած չլինէր անընդհատ:

Հայոց ազգը երեքի կը բաժնուէր իրօք` որոց երկուքը ամէն բան էին, իսկ երրորդը նշանակութիւն չունէր: Եկեղեցական մարմինը, որուն գլուխը կաթողիկոսն էր, եւ զօր նախարարներն եւ եպիսկոպոսները կ'ընտրէին. ոմներ իւր արտօնութիւնները, վասնզի ինքն էր օրէնքները շինող: Իրեն հետ կ'ուգար Նախարարական մարմինը եւ Ազատաց խումբը, որ երկրին տէրերն էին: Հրամայել, իշխել, պատերազմել էր իրենց գործը: Նախնի սովորութիւնները եւ արտօնութիւնքը կը պահպանուէին դարձեալ իրենց համար, քաջութիւնը ժառանգական էր այդ ընտանեաց մէջ, իրենցկարգը եւ գահոյքը յարգուած էին նաեւ յունաց ինքնակալներէ եւ Սասանեանց թագաւորներէ, յարկ կ'առնէին եկեղեցականաց պէս եւ չէին վճարէր, մարմնաւոր պատիժ գանահարութիւն չի կար իրենց համար, ինչպէս վանքեր, նոյնպէս իրենց ոստանները, ամրոցները, բերդերը, դղեակները ամուր դիրքերու վրայ եւ պարսպապատ շինուած բաւական ապահովեալ էին թշնամեաց եւ ասպատակաց յարձակմունքներէն: Կրօնասէր սովորաբար` իրենց պալատներէն աւելի վանքերու եւ եկեղեցիներու շինութեանց եւ կալուածոց կ'ուտային իրենց գանձերը: Պարսկական եւ յունական սովորութիւնք, զեխութիւնք եւ անառակութիւնք բնականաբար դիւրաւ մուտ կը գտնէին իրենց մէջ: Ինչպէս բնական է ազնուատոհմութեանց ամէն տեղ արհամարհ աչօք նայիլ հասարակ ժողովրդեան վրայ եւ հարստահարել, նոյնը սովորաբար կ'ընէին հայոց նախարարք եւ ազատք: Վասնզի այդ երրորդ մասը` ժողովուրդը, որուն մէկ իրաւունքը չյիշուիր մէկ տեղ մը, չի կար հաստատութիւն մը, որուն վրայ ինք յենուէր, չի կար կազմակերպեալ օրէնք մը, որ զինք պաշտպանէր. եթէ լիսեր եւս` ե՞րբ օրէնքը առանց զօրութեան կրցեր է մէկուն պաշտպանութիւն լինիլ. օրէնքներն ուժ ունենալու համար միշտ կազմակերպեալ մարմնոյ մը պէտք ունէին, եւ օրէնքներն արդար գործադրութեամբ միայն կրնան ժողովրդոց սիրելի լինել եւ իրենց սրտին մէջ տպաւորուիլ` սովորութիւն դառնալ: Հայաստանի օրէնսգիրքը բացի հոգեւոր գրեանքէ ուրիշ օրինաց տեղեկութիւն չունէին. Յուստինիանոսի օրէնքները գրեթէ վեց հարիւր տարի վերջ հայերէն թարգմատնութիւն ունեցան. ի՞նչ ուրեմն կը կառավարէր այս ժողովուրդը – սովորութիւնք եւ խղճմտանք: Վաղարշակայ օրէնքները իւր արքունեաց պերճութեան եւ նախարարաց գահույից համար կարգադրութիւնք էին, եւ քրիստոնէական կրօնքին հետ հրէութիւնը այնչափ ազնուացեր էր, որ Բագրատունիք, Ամատունիք, Գնթունիք հրէական ցեղերէ իջած կը համարուէին, որ շատ կարելի է թէ սխալ մը լինէր. Արծրունիք, Մամիկոնեանք, Կ'ամսարականք օտարազգիք էին: Եւ այս նախարարները հայ ազզին տեարքն էին իրենք ազատ եւ ժողովուրդն անազատ. նոյն յանցանքին համար կանոնագիրքն կը հրամայէր, որ քահանան եւ ազատը 100 դրամ տուժէ, իսկ անազատը 50 տուժէ` շատ մը ծեծ ուտէ, վասնզի ազատին մարմնական պատիժ արգիլուած էր, ուստի՞ց, – հաւանական թէ ի սովորութեանց:

Կային ժամանակներ ուր նախարարութեան ձեռքը այն աստիճան կը ծանրանար ժողովրդեան վրայ ոսկուոյ եւ արծաթի հարկապահանջներ դնելով, որ հեղինակ մը նմանցնէ այդ խեղճ շինականը այսինքն ժողովուրդը` «Մարդու, որ կրնկնի ի ծով եւ հնարք չի գտնէր ելնելու» եւ «Հիւանդի, որ ցաւէն տագնապեալ խօսելու նաեւ կարողութիւն չունի»:

Ո՛վ որ լաւ դիտէ եւ ուսնի եւ դիանայ խորհրդածել պատմութիւնը, կը տեսնէ թէ աշխարհագրական դիրքն էր պատճառ ինչպէս ոմանք կարծեցին նոր ժամանակներս, որ հայ ազգը կը տկարացնէր թշնամեաց դէմ` կը բաժնէր եւ անմիաբան կ'ընէր, այլ այդ նախարարական իշխանութիւնը, որ մեծ եւ պզտի բռնաւորյււթեանց բաժնելով երկիրը, կեդրոնական իշխանութիւնը կը տկարացնէր, եւ այդ բռնաւորները գործիք կ'ընէր օտարին բանսարկութեանց եւ միջամտութեանց. ինչպեւս հին ժամանակներէ ի վեր սխալ կարծիք մը կը տիրէ թէ հայք անմիաբան են, իբրեւ թէ անմիաբանութիւնը բնածին պակասութիւն մը լինէր հայուն քով: Եթէ հայք միաբանեցան 300 թուականին, կրցան ընդունիլ միաբանութեամբ քրիստոնէութիւնը, եթէ իրենց օրինակին եւ ազդեցութեան հետեւեցան Վիրք եւ Աղուանք գրեթէ նոյն ժամանակին, եթէ հայ լեզուն կրօնից պէս կրցեր էր անցնիլ այդ սահմաններէն եւ Կուր գետի եզերքներէն մինչեւ Կորդուաց լեռները տարածուիլ, ինչո՞ւ չտեսնենք թէ միմիայն պատճառ` քաղաքագիտութեան պակասութիւնն էր Արշակունի թագաւորաց քով, որ Հայաստան անիշխանութեան կը մատներ: Եթէ Տրդատ նախարարաց դէմ նոյն հանճարն ու զօրութիւնը ի գործ դնէր` ինչ որ դրաւ` պարսիկը եւ կռապաշտութիւնը վարելու համար Հայաստանէ, Արշակունեաց աթոռը իւր մեռած վայրկենեն չէր սասանէր ի հիմանց եւ Խոսրով իւր որդին չէր կարօտէր յունաց ամբարտաւան օգնականութեան իւր հօրն աթոռը բարձրանալու համար: Ի՞նչ կարօտութիւն ունէր Աղկունեաց դաւաճան Նահապետը եւ նախարարութիւնը ջնջելէ վերջ` տեղը նոյն արտօնութեամբդ Մամիկոնեանք հաստատելու: Բայց նախարարութիւնը երբ հանդարտ էր, թադաւորներու համար ծուլութեան դիւրութիւն կ'ուտար երկրի կառավարութեան մասին, միայն թէ թագաւորները զօրաւոր լինէին: Մենք կը հասկանանք թէ այդպիսի ՚ի գարուց խորարմատ նախարարութիւնը հիմնահատակ ընել դիւրին չէր. բայց նոյնպէս դիւրին չէր հազարաւոր տարիներով արմատացեալ կռապաշտութիւնը ջնջել, եւ այդ կրցաւ ընել Տրդատայ կորովի բազուկը: Ինք պէտք էր ընել եւ այդ, եւ ոչ իւր անպիտան յաջորդներէն Արշակայ թողուլ, որ մոլութեանց եւ յիմարութեանց անճոռնի խառնուրդ մ՚էր եւ քան զամենքը վատթարադոյն, եւ որ բնական էր թէ չի յաջողէր այդպիսի մեծ ձեռնարկութեան: Եւ հետեւանքն այն եղաւ, որ այս երկու թշնամեաց թագաւորութեան եւ նախարարութեան պատերազմին մէջ, առաջինն անհետացաւ եւ երկրորդը խաղալիք լինելով օտարին պարսկին եւ հոռոմին, երբեք չի մտածեց անկախութեան փորձ մը փորձել թէպէտ շատ յարմար վայրկեաններ ներկայացան: Այլ իր քաջութիւնը կը վատնէր օտարին ծառայութեան մէջ, Սասանեանը բանակներուն հետ կ'երթար մինչեւ Թրքաստան հոնաց եւ հեփթաղաց հետ կը պատերազմէր, բիւզանդական բանակներուն հետ կ'երթար մինչեւ Ափրիկէ եւ Իտալիայ եւ Դանուբի ափանց վրայ վանդալաց եւ գոթաց եւ բուլկարաց եւ սարմատացուոց հետ պատերազմելու համար:

Բայց անկարելի է ուրանալ, որ նախարարութիւնը դիւցազնական վայրկեաններ ունեցաւ. Հազկերտի պէս մեծ եւ յաղթող թագաւորի մը դէմ խիզախեց Վարդանայ հետ եւ քաշութեամբ պատերազմեցաւք Վահանայ հետ Վաղարշ խոնարհեցուց եւ Կ'աւատայ կրօնամոլութիւնը հալածեց. Վարդան երկրորդի հետ Նուշի րուան Խոսրովու լուծը թօթափել հանղգնեցաւ: Բայց բոլոր այս պատերազմաց մէջ նախարարութիւնը մեծաւ մասամբ միաբան էր, վասնզի կրօնքի պաշտպանութեան էր կռիւը, իրեն ցրուեալ զօրութիւնը միացնելու մեծ շարժառիթ մը պէտք էր` կրօնքը, վասնզի նախարարութեան բնութիւնը անիշխանութիւն, անմիաբանութիւն էր: Իսկ անմիաբանութեան մասին` հայերը նոյնչափ անմիաբան եղած են ինչչափ ամէն աղինք, որ զօրաւոր կառավարութիւն չեն ունեցեր երբեք: Իրենք ոչ երբեք ունեցէք են յունաց պէս քսան, հինգ տարի քշող քաղաքական պատերազմ մը Պեղոպոնէսեան պատերազմի պէս, թէպէտ նա խարարութեանց անմիաբանութիւնը հար եւ նման էր այդ Յունաստանի փոքր, փոքր հասարակապետութեանց, միայն այն տարբերութեամբ, որ հոն ժողովուրդն ազատ եւ ամէն բան էր, եւ ուսմունքը բանական մարդը բարձրացուցեր էր, իսկ Հայաստան` ժողովուրդը ոչինչ էր, եւ իր բռնաւորներն ամէն ինչ: Յունաստան ծովէ շրջապատ եալ բնական ամրութեամբ դարձեալ մեծ տէրութեան մը կարգ անցնելու համար պէտք եղաւ, որ Մակեդոնացուոց լուծին տակ անցնի եւ Աղեքսանդրի հետ արշաւի: Առանց զօրաւոր կազմակերպեալ իշխանութեան եւ խիստ օրինաց անկարելի է միաբանութիւն, վասնզի փոքրիկ շահեր մեծ շահերու դէմ կապստամբին, եւ մեծ շահեր զօրութեան պէտք ունին պզտի շահեր եւ անոնց բանսարկութիւնքը ճնշելու համար: Խիստ կառավարութեան ամենեն անպիտանը նախադասելի է անիշխանութեան: Հայ նախարարութիւնն անիշխանութիւն էր արմատացեալ: Եւ որովհետեւ չի կրցաւ կանոնաւոր եալ ազնուապետութիւն մը նաեւ կազմել` ինք ինկաւ գահավէժ եւ ազզն էլ իր հետ տարաւ: Այդ ազնուապետութիւնը` եթէ կարէնար կազմել նախարարութիւնը, ազգին նան երջանկութեան ճամփայ թերեւս բանար. բայց ոեւիցէ՛ բան կազմելու համար` արդարութեան եւ կանոնի մը հնազանդել յանձն առնելու է, այս կամքը հազիւ քանի մը նախարարաց քով կ'երեւի պատմութեան մէջ, վասնզի անիշխանութիւնը կը ներէ միայն սանձարձակ զեղծմունք` ուսկից կամօք եւ մասամբ իսկ զրկուիլը շատ մեծ առաքինութիւն է:

Հայք ընդհանրապէս միաբան եղած են միայն այն վայրկենին, երբ իրենց կրօնքին բռնաբարութիւն հասնէր ոեւէ իշխանութենէ եւ զօրութենէ. ամէն բանի անտարբեր հայը միշտ պատրաստ կը տեսնենք բռնութիւնը բռնութեամբ վանելու, եւ եթէ անկարելի լինի` ամէն հալածանաց տանելու անխախտ կենալով հայրենի դաւանութեանց վրայ: Ամէնուն յայտնի է եւ վերն էլ յիշեցինք թէ ինչպէս հայ քրիստոնէութիւնը անընկճելի մնաց Սասանեանց կռապաշտութեան դէմ. նոյնը կը տեսնենք նաեւ Բիւզանդիայ կայսերաց բռնութեանց եւ ամէն տեսակ պատճառաբանութեանց դէմ. կրօնասիրութիւն էր այս ընդհանուր նկատմամբ. բայց անիշխանութիւնը անմիաբանութիւն կարծողաց կը զրուցենք թէ աւելի հետեւանք էր նա եկեղեցական իշխանութեան կանոնաւորեալ կազմութեան, որ հզօր մարմին էր ձեւացեալ վերուստ ի վայր եւ զօրաւոր կապով շղթայալ: Տգէտ կամ գիտուն այդ եկեղեցական կազմութիւնը բիւզանդական բոլոր աստուածաբանական ուսմանց – նրբութեանց եւ իմաստականութեանց հետ կրցաւ մաքառիլ ու մրցիլ: Մերժեց նորա իրաւացի եւ անիրաւի ուղղափառ կամ չարափառ պահանջմունքները եւ մնաց անթափանցելի ամէն վիճաբանութեանց եւ ամէն հալածանաց դէմ եւ անխախտ պահեց ինչ որ անգամ մը Լուսաւորչէ առած էր:

Կաթողիկոս մը կը հնազանդէր կամ կը խոնարհէր Հերակլ կամ Կոստանդին կայսերաց, բայց եկեղեցական մարմինը եւ ժողովուրդը անշարժ կը մնար հայրենի կրօնական դաւանալթեանց իմանալով կամ չիմանալով: Եւ այդ կաթողիկոսը կամ իւր յաջորդը վերջը-վերջը պէտք էր ընդհանուրին հետեւեր, եթէ չուզէր բաժանակից սատանայի համարուիր

Եթէ թագաւորութիւն կամ նախարարութիւն կարէնային զօրաւոր կառավարութեան մը ձեւ առնուլ եկեղեցական իշխանութեան պէս, այն ժամանակ անիշխանութեան վտանգեն ազատ կը լինէր Հայաստան եւ կրնար ակնածելի լինիլ իր զօրաւոր դրացեաց: Բայց դժբախտաբար երբեք նախարարութիւնը այդ չէր խորհած, եւ որ շատ կարեւոր ու գործադրելի էր այս միջոց ժամանակիս մէջ, արուն պատմութիւնը կը գրենք:

Եւ Թէոդորոս Ռշտունի կը մտածէր, այդ մարդը որ «մորմոքեալ ընդ կորուստ աշխարհին», Յունաց յիմար Սպարապետին ամբարտաւան անհոգութիւնը չէր կրցեր շարժէլ եւ իր յորդորներով ոչ օգուտ այլ նախատինք քաղէր էր: Հիմա որ ականատես էր` ինչ որ արդէն գուշակէր էր, աւերմունք հրայրեացք` կոծ ու լաց կը տեսնէր եւ կը լսէր, եւ ինչ դարման որ կարելի էր, կ'ընէր, եւ այնպէս կը շարունակէր իր ճամփան անցնելով Գողթան, Նախջեւան, Կոգովիտ, ուր դառն հայեցուածք մը ձզեց Վարդանաբերդի վրայ. կ'երթար Տայոց գաւառը թիկնապահաց վքոքրիկ խումբով մը եւ կ'իջնէր ի Թաւուսկերտ աւան, ուր հին ապարանքն էին Տայոց Բագրատունի իշխանաց, եւ ուր կը բնակէր միայնակ նոյն ժամանակներ Համասպրուհի տիկին, մայր Վարազտիրոցի, կին Սմբատ Մարզպանին Հայոց եւ Վրկանաց, որուն քաջութեանց համբաւը հռչակեալ էր բոլոր արեւելք եւ որ այնչափ սիրելի եղած էր Պարսից թագաւորին իւր հաւատարմութեամբ եւ որուն յիշատակը կը պատուէր Թէոդորոս Ռշտունի իւր հայր եւ վարժիչ պատերազմական արհեստից անուանելով: Մանաւանդ որ սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր Վարազտիրոց Ասպետի` նորա որդուոյն հետ, որ նոյն ժամանակները Արշիպեղագոսի մէկ կղզին աքսորեալ էր ընտանեօք Հերակլ կայսրէ:

ԳԼՈՒԽ Է

Ժամանակն արդէն ձմեռնային` ցուրտը սաստիկ էր այն տարի Հայաստանի բարձր գաւառներուն մէջ: Եւ այդ Թաւուսկերտի պալատին մէջ, ուր պառաւ Տիկին մը քաշուած կը բնակէր, որ շատ փառք, մեծութիւն, պատիւ տեսած էր իւր էրկանը կենդանութեան եւ որդուոյն առաջի տարիները, եւ որ այն օրերը կը յիշէր, երբ արքայից արքային ընծաներն ու նուիրակները իրարու կը յաջորդէին, յաղթութեանց աւետաբեր սուրհանդակները շարունակ իւր դուռը կը բախէին եւ Պարսկաստան ու Հայաստան

Բազմայաղթ անունը Բագրատունեաց իշխանին կ'ուտային. իսկ հիմա ինք Տիկինը մոռցուած, բարձիթողի եղած, այդ հայոց կանանց առաջինը երբեմն պատուոյ եւ հարստութեան մէջ, կը նստեր տխուր ձմեռուան պէս, եւ կը համրէր օրերը, որ լուր չէր առած իւր սիրական եւ անդրանիկ որդուոյն:

Թէպէտ մահ եւ աքսոր տխրութիւն բերէր էին այդ պալատը, եւ Տիկինը սգաւոր` բայց սպասաւորաց, աղախնայց եւ թիկնապահաց թիւն ու հանդերձանքը գրեթէ չէր նուազեալ: Երկրին կառավարութիւնը թէպէտ Սարգիս` բնիկ Տայեցի իշխանի մը ձեռքն էր, բայց ոչ երբեք առանց Բագրատունի Տիկնոջ խորհուրղին բան մը կը կատարուէր, վասնզի այս Սարգիս այն քաջերեն էր, որ Սմբատ Մարզպանի բախտին եւ դրօշակին հետեւելով` փառաց եւ մեծութեանց տէր եղած էին:

Երբ այսպէս Տիկինը տխուր եւ միայնակ նստած էր, իմացուցին իրեն թէ Սարգիս իշխանը կը խնդրէր զինք տեսնել, եւ թէ հետը երիտասարդ մ՚էլ կար: Եւ Սարգիս մտնելով խորին յարգանօք ողջունելեն վերջ Տիկինը` ներկայացտւց Ներսէս Սպան, որ նոր կը դառնար Յունաստանէ եւ որ նամակ ունէր Վարազտիրոց Ասպետն առ Տիկինն եւ առ Թէոդորոս Ռշտունի:

Բագրատունի Տիկինը առաւ իւր որղուոյն նամակը եւ շտապաւ կ'արդալեն վերջ երկրորդեց եւ երրորդեց իր ընթերցմունքը, վասնզի շատ համառօտ էր եւ դառնալով զօրականին`

– Կը տեսնես, որդեակ, – ըսաւ, – իմ զաւկիս նամակը շատ համառօտ է. քեզմէ պէտք է տեղեկութիւն առնեմ, ինչպէս ինք կը գրէ. ինչպէ՞ս տեսար զինք, լաւ՞ է, առո՞ղջ է, ինչպիսի՞ կղզի է այս աքսորանաց կզզին. միթէ՞ ազատելու յոյս չի կա…

– Առողջութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, վասնզի ույդ կղզին շատ գեղեցիկ է` օդն առողջ, նարնջի եւ լիմոնի ծառերով զարդարուած, թէպէտ խիստ պահպանութեամբ կը հսկեն, որ չի փախչի. ընտանիքն էլ բոլորը լաւ են: Իսկ ազատելու յոյս չլինիլ կարելի չէ, ինչպէս յայտնի է, կայսրը իրեն խոստացել է երդմամբ ազատութիւն, բայց պալատին մէջ կան թշնամիք, որ կը ջանան յետաձգել այդ խոստմունքը, ինչպէս ես կրցայ իմանալ:

– Կրնա՞նք իմանալ ինչպիսի անձինք են, որ քեզ այդ տեղեկութիւնք տուին:

– Այո, իշխանուհի, Թէոդոս զօրավար Երիզացի, որ ձեր որդուոյն Ասպետին շատ բարեկամ կ'երէի, նա ինձ հրամայեց գաղտնի երթալ եւ տեսնել եւ լուր բերել իշխանին համար: Կայսրը առջի մարդը չէ բոլորովին փոխուած` քանի որ տարիքը կառնու, կը թուլանայ, Մարտինէ կայսրուհին է, որ կը կառավարէ երկիրը, եւ դժբախտաբար այդ կինը չէ, որ գիտէ լաւ կառավարել, այլ խելքը, միտքը թագաժառանգին տեղ իւր որդին անցնելու լինելով, իւր ձեռնասուններն առաջ կը քշէ, եւ այսպէս ամէն կարգ, կանոն տակնոււյրայ եղած է:

Նոյն միջոցին սպասաւոր մը ներս մտաւ իմացնելու թէ Թէոդորոս Ռշտունին հասաւ. եւ երբ եկաւ զօրավարը` մեծ յարգանօք ողջունեց Տիկինը եւ ներկա անձինքը, ահա հանեց Ներսէս երկու նամակները Ասպետին եւ Երիզացի Թէոդորոսի կողմանէ: Մեծ ուշադրութեամբ կարդաց իշխանր, եւ կարելի չէր իմանալ իր երեսեն նոցայ պարունակութիւնը, մինչեւ Տիկինը չի կարէնալով համբերել, հարցուց.

– Այդ նամակներէն կրնա՞ս մեզի տեղեկութիւն տալ, իշխան, թէ որդիս Ասպետը, ի՞նձ պիտի դառնայ:

– Ո՞ւր էր թէ այդ ձեր փափագը, իշխանուհի, որ իմ նաեւ մեծ փափագս է, կատարուէր, վասնզի Ասպետին Հայաստան դառնալը, աս միջոցին մեզի կեանք կրնայ տալ. դուք հոս Հայաստանի մէկ ծայրը չէք գիտէր թէ ի՛նչ սոսկալի արշաւանք կրեց եւ ի՛նչ վիճակի մէջ է աշխարհքիս արեւելեան կողմը…

Եւ սկսաւ պատմել Նախջեւանի, Գողթան, Կ'ոգովտի գաւառաց անցքերը: Եւ ասոնք ամէնքը յիշելեն վերջ` դառնալով Ներսէսի`

– Ահա ասոնք ամէնքը յունացդ քաջութիւններուն արդիւնքն են, – ըսաւ:

– Խնդրեմ, իշխան, զիս յունաց ստացուածք մ՚ընէր, վասնզի ես իրենց ծառայութեան մէջ մտած լինելովս, իմ հայութիւնս երբեք ուրացեալ չեմ, հոգով, սրտով հայ մնացած եմ եւ պիտի մնամ: ուրիշ բան է` եթէ իրենց երկրին մէջ գտնուելով` իրենց լեզուին եւ գիտութեանց տեղեկութիւն առէր եմ եւ այդ բանին համար կարծեմ թէ գէշ բան մը ըրած չեմ:

– Եթէ այդ գիտութիւնքը քու ազգիդ օգտին ծառայեցնելու միտք ունիս` աստուած քեզ օրհնէ. մենք իրենց ուսմանց թշնամի չենք, բայց շատ ու շատ վարձ տուին մեզ իրենց վատութեան պատերազմի մէջ, եւ իրենց քաջութեան ժամանակ շատ վատ բան ըրին, երբ կրօնական խառնակութեամբք Հայաստանի ամէն տուն խռովեցին:

Եւ այս խօսքերը զրուցելուն Թէոդորոսի աչքերը սոսկալի փայլ մը առին եւ դառնալով Բագրատունի իշխանուհուոյն`

– Այդ Քրիստափորը, որ ամէն հայոց նախարարք միաբանեցան, վար առին կաթողիկոսական աթոռեն, իբրեւ անդուռն բերան, իբրեւ զրպարտիչ, իբրեւ չարալեզու, սուրբ մ՚էր, իսկ մենք յիրաւի արժանի պատիժը կրեցինք եւ կը կրենք այսօր կաթողիկոս մը ունենալով, որ երկիւղին եւ տգիտութեան կը զոհէ մինչեւ իր Լուսաւորիչը: Ասպետը, Տիկին, այս մարդն աթոռը գրաւ, ինք աքսոր գնաց, եւ ես մինակ մնացի ամէն Հայաստանի մէջ` ուր եթէ քանի մը սիրտ ու գութ ունեցող մարդիկ գտնուէին, այս խեղճ հայրենիքը կարելի կը կենդանացնել: Թշուառութիւն ամէն կողմեն կը տեղա, արաբացիք` աստուածային նոր պատուհաս` փոթորկի պէս զարկին` անցան գնացին. յոյնք վատ եւ ամբարտաւան իբրեւ ջախջախ եղէգ խորտակեցան. հիւսիսականաց կատաղութիւնն սանձելու համար հազիւ կը բաւեն Վիրք, Աղուանք եւ Սիւնիք, Արծրունիք եւ Անձեւացիք շփոթած հազիւ կը խոստանան երբեմն արեւելեան կողմը պաշտպանել, Մամիկոնեանք Մուշեղ եւ Համազասպ տարտամ պատասխաններ կ'ուղարկեն իմ հրաւիրանցս, իսկ Մոկացուոց նախարարն Արդուկ յայտնի համարձակ անամօթութեամբ առաջնորդ եղեր է արաբաց: Դուրսեն թշնամիք, աւարառութիւնդ, հուր, սուր, կործանմունք, ներսեն անհոգութիւն, թուլութիւն, հարստահարութիւն եւ մատնութիւն… ո՜ւմ դիմես եւ ուստի՜ յուսաս օգնութիւն: Աստուա՜ծ, կ'ըսեմ ես ինքնիրենս. բայց Քրիստոսի փոխանորդը` Հայոց կաթողիկոսը կը տեսնեմ թէ կայսրեն կը վախէ, իւր ժողովուրդեն կը վախէ. աթոռը թողած` Կարնոյ պարիսպներէն չհամարձակիր ելնելու. իմ հրաւէրներուս իւր ծերութիւնը` հիւանդութիւնը ցոյց տալով կը պատասխանէ: Ահա վիճակը, իսկ դարմանը ուրտե՞ղ… չեմ տեսնէր:

Назад